2014-04-19 10:13:16

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շնորհաւորագիրը` ''Մի վախնաք'' թատերական համերգի կազմակերպիչներուն։


Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետերու սրբադասումին առթիւ (27 ապրիլ 2014) բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ տեղի կ'ունենան Հռոմ եւ այլուր։ Անոնց կարգին Հռոմի Քոնչիլիացիոնէ կոչուած լսարանին մէջ (Վատիկանէն ոչ հեռու) 21-24 ապրիլ տեղի կ'ունենայ թատերական մէկ համերգ մը, ներշնչուած Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ''Մի վախնաք'' նշանաւոր կոչէն։
Նախաձեռնութիւնը կը վայելէ հովանաւորութիւնը մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդին։
Թատերական համերգի մամլոյ ներկայացումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց հեղինակին մաղթելով որ այս ներկայացումը խորհրդածութեան առիթ մը ըլլայ Աստուծոյ գործած մեծամեց սքանչելիքներուն իր այս երկու սուրբ սպասաւորներու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.